2015-07-10 11:42:00

Հայր Լոմպարտի`''ֆրանչիսկոս Պապը ակնկալութիւններէ աւելի մեծ ընդունելութիւն գտաւ''


(Ռատիօ Վատիկան) ''ֆրանչիսկոս Քահանայապետը իր այս առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին շատ մեծ ու ջերմ  ընդունելութիւն գտաւ, մեր ակնկալածէն շատ աւելի մեծ'', ըսաւ Յիսուսեան հայր Ֆետերիքօ Լոմբարտին` տնօրէնը Վատիկանի մամլոյ գրասենեակին, մատնանշելով որ Էքուատորի եւ Պոլիվիայի ժողովուրդը այս օրերուն դրսեւորեց գորովազեղ արտայայտութիւններ հանդէպ Սրբազան Հօր։

Հայր Լոմպարտին ընդգծեց նաեւ ֆրանչիսկոս Քահանայապետին գնահատանքը Պոլիվիայի պետութեան տածած աշխատանքի  բազմացեղային ու բազմամշակութային ընկերութեան մը ստեղծումին ի խնդիր։ Սրբազան Հայրը  քաջալերեց Պոլիվիայի Եկեղեցին, որ կը գործէ որպէս ճշմարիտ սպասաւորը միութեան ու կ'աշխատի քարոզել յոյսը հակառակ երկրի դժուար ու բարդ կացութիւններուն։

Քահանայապետը` զաւակ է այս աշխարհամասին, դիտել տուաւ Հայր Լոմպարտին, ան կարող է  դրականօրէն խօսիլ այս աշխարհամասի զաւակներուն ու շարժել անոնց սրտերը եւ յարուցանել դրական հակազդեցութիւններ։

Հուսկ անդրադառնալով Պոլիվիայի նախագահ` Մորալեսի Քահանայապետին տուած նուէրին մասին` խաչեցեալ մը մանգաղով ու մուրճով, հայր Լոմպարտին յայտնեց թէ այդ խորհրդանիշ մըն է` որ գծագրուած է, ազատութեան ու արդարութեան ի խնդիր տածած յանձնառումին` մենատիրութեան շրջանին,  1980-ին սպաննուած Յիսուսեան հայր Լուիս Էսփինալէն։ Այս խորհրդանիշով, ըսաւ հայր Լոմպարտին, անոր եղբայրակիցները կը հաստատեն թէ անոր դիտաւորութիւնը գաղափարախօսական նշանակութիւն  չունէր այլ լոկ հրաւէր մըն էր երկխօսութեան, երկրին մէջ հաստատելու ազատութիւն եւ արդարութիւն։ Հետեւաբար ըսաւ հայր Լոմպարտի` այս խորհրդանիշը պէտք է դիտել այդ ժամանակի իմաստով։

Հուսկ անդրադառնալով Ֆրանչիսկոս Պապին ժողովրդային շարժումներու հետ ունեցած հանդիպումի մասին` Հայր Լոմպարտին հաստատեց թէ Ֆրանչիսկոս Պապը ուզեց ընդգծել աշխարհի մէջ տարածուած անարդարութիւնները ու հրաւէր ուղղեց քաղաքային շարժումներուն որպէսզի աւելի յանձնառումով աշխատին` ի սպաս բարելաւումին։ Խօսելով ապա Սրբազան Հօր յանձնուած Քաղաքային շարժումներու եզրափակիչ վաւերաթուղթի մասին, հայր Լոմպարտին յայտնեց թէ այդ վաւերաթուղթին մէջ ներփակուած են աշխարհի ներկայ մարտահրաւէրները ու զարգացումի հարցերը որոնց մասին յաճախ կը խօսի Ֆրանչիսկոս Պապը։








All the contents on this site are copyrighted ©.